2013-10-12 09:35:50

Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը` խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր


Նոպելեան յանձնախումբը Օսլոյի մէջ յայտարարեց Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի 2013-ի դափնեկիրին անունը: Հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած է Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը (ՔԶՏԱԿ), որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու ոչնչացման հոլովոյթը պիտի ապահովէ:
ՔԶՏԱԿ-ի մասնագէտները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը հաւաքեն` զանոնք մինչեւ 2014-ի կէսը ոչնչացնելու համար:
Հեղինակաւոր այս մրցանակի յաւակնորդներու շարքին էին փաքիստանցի դեռահաս իրաւապաշտպան Մալալա Եուսուֆզայը, քոնկոյաբնակ բժիշկ Տենիս Մաքվեկը, որ հազարաւոր բռնաբարուած ու քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ կտտանքներու ենթարկուած կիներ բուժած է, ռուսական իրաւապաշտպան «եռեակը»` Լիւտմիլա Ալեքսեւան, Սվեթլանա Կաննուշինան ու Լիլիա Շիպանովան, որոնք մարդկային իրաւունքներու խախտման հարցերով Քրեմլինի ամէնէն բուռն քննադատներէն են:
Սակայն, ըստ «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին, այդ մրցանակի ամէնէն վիճայարոյց թեկնածուներն են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտըն:
Ընդհանուր առմամբ, Խաղաղութեան մրցանակի յաւակնորդներու թիւը այս տարի հասած է 259-ի, որոնցմէ 50-ը կազմակերպութիւններ էին:







All the contents on this site are copyrighted ©.